Հեղինակ

Գլխավոր Հեղինակներ

Եդուարդ ՈՒ. Սայիդ

Եդուարդ ՈՒ. Սայիդ

Եդուարդ ՈՒ. Սայիդ

Եդուարդ ՈՒ. Սայիդ (1935-2003) պաղեստինեան արմատներով ամերիկացի գիտնական է, գրաքննադատ ու քաղաքական գործիչ: Եղած է Նիւ Եորքի Քոլոմպիա համալսարանի փրոֆէսոր-գրականագէտ, եւ կը համարուի յետգաղութային ուսումնասիրութիւններու համահիմնադիր: Իբրեւ մշակութային քննադատ՝ Սայիդը յայտնի է իր «Արեւելաբանութիւն» գիրքով (1978), ուր կը ներկայացնէ, թէ Արեւմուտքը ինչպէս կ՚ընկալէ Արեւելքը: Արեւելագէտները, փիլիսոփաներն ու գրականագէտները աշխատանքը որոշապէս չեն ընդունած: Իբրեւ մտաւորական՝ Սայիդը Պաղեստինեան Ազգային խորհուրդի խնդրահարոյց անդամներէն էր, քանի որ հրապարակաւ կը քննադատէր Իսրայէլն ու արաբական երկիրները, յատկապէս իսլամական ռեժիմները, որոնց քաղաքականութիւնը կը համարէր սեփական ժողովուրդներու ազգային շահերուն հակասող: Սայիդը պաղեստինեան պետութեան հիմնադրման ջատագով էր: