Թարգմանիչ

Մարկ Նշանեան

Մարկ Նշանեան

Մարկ Նշանեան ծնած է 1946-ին, Փարիզի մէջ։ Զաւակ՝ կեսարացի ընտանիքի մը։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ֆրանսական դպրոցի մէջ։ Ունեցած է նաեւ հայերէնի կարող ուսուցիչներ, որոնց կարգին եղած է վանեցի Տիգրան Չիթունիի կինը։ Մանկութեան եղած է Փարիզի մտաւորական շրջանակներուն մէջ։ Հօրաքրոջ ամուսնոյն՝ պարտիզակցի մտաւորական Յակոբ Տէր Յակոբեանի տան մէջ առիթ ունեցած է ճանչնալու Ահարոնը, ինչպէս նաեւ ժամանակի մտաւորական խաւին ներկայացուցիչները։ Հայերէնի համալսարանական կրթութիւնը ստացած է Արեւելեան լեզուներու դպրոցէն։ Փիլիսոփայութեան ուսումը ստացած է Սթրասպուրկի համալսարանին մէջ, հետեւելով Ժաք Տեռիտայի առաջին սերունդի սաներուն՝ Ժան-Լիւք Նանսիի և Ֆիլիփ Լաքու-Լապարթի դասերուն։ «Կամ-հանդէս վերլուծական»ներու շարքին կը սկսի 1980-ին։ Մինչեւ 1986 չորս հատոր կը հրատարակէ։ Հետագային վերստին ձեռք կ'առնէ ու կը տպագրէ երկու նոր հատորներ եւս 2002-ին եւ 2005-ին։ Հանդէսի էջերուն թարգմանած է Մօրիս Պլանշոյ, Ժորժ Պաթայլ, Վալթէր Բենիամին, Ֆրիտրիխ Նիցչէ, Ժ.Լ. Նանսի, Եիւնկըր, Ա. Պեռման, գերման վիպապաշտներէն՝ Շլեկըլ եւլն․։ 1995-1996 թուականներուն Լոս Անճելըսի UCLA համալսարանի մէջ վարած է հայագիտական դասընթացք։ 1996-էն մինչեւ 2007-ը եղած է Քոլումպիա համալսարանի հայագիտական ամպիոնի վարիչ։ Այնուհետեւ, իբրեւ այցելու դասախօս գտնուած է Պոլիս, պաշտօնավարելով «Սապանճը» համալսարանի մէջ, ինչպէս նաեւ Պէյրութ՝ Հայկազեան Համալսարանի մէջ։