Թարգմանիչ

Րաֆֆի Աճէմեան
Ծնած է Պէյրութ։ 1987ին հաստատուած է Մոնթրէալ։ Շրջանաւարտ է Մոնթրէալի Գոնգորտիա համալսարանէն որպէս ճարտարագէտ։ Հետեւած է նոյն համալսարանի փիլիսոփայութեան դասընթացքներուն։ Առաջին գրութիւնները լոյս տեսած են «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գրական յաւելուածին մէջ, 1994էն սկսեալ։ Մաս կազմած է նաեւ անոր խմբագրական կազմին, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի «Բաց նամակ» պարբերականին։ Աշխատակցած է զանազան գրական ամսագրերու եւ թերթերու՝ «Բագին»ին, «Յառաջ»ին, «Ինքնագիր»ին եւ Մարկ Նշանեանի «Կամ» հանդէսին։